image

Պոլսոյ մէջ դաշոյնով զինուած անձ մը յարձակած է 3 ռուսերու վրայ

Պոլսոյ մէջ դաշոյնով զինուած անձ մը յարձակած է 3 ռուսերու վրայ

Պոլսոյ մէջ դանակով զինուած տղամարդը յարձակած է երեք ռուսաստանցիներու վրայ, յայտնած է ոստիկանութեան մօտ «ՌԻԱ Նովոստի»-ի աղբիւրը:

Միջադէպը տեղի ունեցած է երէկ երեկոյեան Պեշիքթաշի շրջանին մէջ, այն գրանցած է տեսահսկման խցիկը:

«Տուժածները տեղափոխուած են հիւանդանոց, անոնց կեանքին վտանգ չի սպառնար»,-յստակեցուցած է գործակալութեան զրուցակիցը:

Նախնական տեղեկութիւններով՝ յարձակողը աղբահաւաք Հասան Հիւսէյն Իյ-ն է, որ որոնման մէջ է: