image

Իրաքեան Քիւրտիստանի Զախօ քաղաքին մէջ հիմնուած է հայկական մշակոյթի եւ ժառանգութեան յանձնախումբ

Իրաքեան Քիւրտիստանի Զախօ քաղաքին մէջ հիմնուած է հայկական մշակոյթի եւ ժառանգութեան յանձնախումբ

Իրաքեան Քիւրտիստանի Զախօ քաղաքին մէջ հիմնուած է հայկական մշակոյթի եւ ժառանգութեան յանձնախումբ: Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Զախոյի հոգեւոր հովիւ ՝ Տ. Մասիս քհնյ. Շահինեանէն։
Տէր հայրը նաեւ տեղեկացուց, որ Զախոյի Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ նորակազմ հայկական մշակոյթի եւ ժառանգութեան յանձնախումբը, Ուրբաթ՝ 22 յունուար 2021-ին, իր առաջին նիստը կայացուցած է, ներկայութեամբ Զախոյի Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ արժանապատիւ Տէր Մասիս Քհնյ. Շահինեանի եւ թաղական խորհուրդի անդամներու, ինչպէս նաեւ համայնքի շարք մը երիտասարդներու:
Նիստի ընթացքին Վարչական ատենապետ՝ պարոն Դաւիթ Մարտերոսեան մշակութային յանձնաժողովը ներկայացուցած է մասնակիցներուն: Տէր հայրը շնորհաւորած է յանձնախումբը՝ իր օրհնութեամբ եւ բաշխած թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Տէր Աւագ Արք. Ասատուրեանի հայրական օրհնութիւնը ներկաներուն: Իսկ ճարտարագէտ Օրդ. Վարդանուշ Մարկոսեան ներկայացուց մշակութային յանձնաժողովի բոլոր նպատակներու բացատրութիւնը եւ պարզաբանումը: