image

Ըստ թուրք գործիչի մը Ճո Պայտըն կը սերի քրտական արմատներէ

Ըստ թուրք գործիչի մը Ճո Պայտըն կը սերի քրտական արմատներէ

Թուրքիոյ մէջ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութենէն նախկին պատգամաւոր Օրհան Միրօղլուն, որ նաեւ կուսակցութեան Կեդրոնական որոշումներու գործադիր խորհուրդի անդամ է, առաջ քաշած է այն տարօրինակ տեսութիւնը, որ ԱՄՆ նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընն իրականութեան մէջ քիւրտ է, կը հաղորդէ ahvalnews.com թերթը:

Միրօղլուն իր թուիթըրեան էջին գրած է. «Քիւրտ ընկեր մը, որու հետ վերջերս խօսեցայ, ըսաւ, որ չնայած դժուար է հաւատալ, որ այդ լուրջ է, սակայն դժուար չէ կռահել, թէ ինչ է նպատակը: Ինչ-որ մէկն ըսած է, որ Պայտընի իսկական անունը Չիմոյէ Պահատտին Աղա է: Ան կը սերի քրտական ընտանիքէ, որ Երեւանէն ԱՄՆ գաղթած է եւ ծագումով Պիրուկի ցեղէն է»:

Աղբիւրը նկատած է, որ յայտնի մարդոց ազգային ծագման մասին անհաւատալի պնդումները տարիներ շարունակ տարածուած եղած են Թուրքիոյ մէջ: Այդպիսի քննարկում ծաւալած է նաեւ Շեքսպիրի շուրջ, որուն անուան ծագումնաբանութիւնը Թուրքիոյ մէջ կը բացատրուէր որպէս Շեյխ Պիր:

Յիշեցնենք, որ Պայտըն երկար ժամանակ յարաբերութիւններ ունեցած է քրտական խումբերու հետ: 2003 թուականին ան դիմած է Իրպիլի քրտական խորհրդարանին ՝ ըսելով, որ «սարերը ձեր միակ ընկերները չեն»: Չորեքշաբթի օր Իրաքեան Քիւրտիստանի քիւրտ պատգամաւորները շնորհաւորած էին Պայտընին ԱՄՆ-ի նախագահի պաշտօնն ստանձնելու առթիւ: