image
Հրատապ լուրեր:

«Քորոնա»ի հետեւանքով մահացած է աշխարհահռչակ հաղորդավար՝ Լէրի Քինկ

«Քորոնա»ի հետեւանքով մահացած է աշխարհահռչակ հաղորդավար՝ Լէրի Քինկ

87 տարեկանին մահացած է ամերիկացի յայտնի լրագրող ու հեռուստահաղորդավար Լէրի Քինկը։ Այս մասին կը հաղորդէ անոր Twitter-ի էջը։ 


Ինչպէս կը յայտնէ Independent-ը, Քինկը մահացած է Լոս Անճելոսի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ`«Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարէ ետք. հեռուստահաղորդավարը երկար տարիներ առողջական խնդիրներ ունեցած է։

Լոուրենս Հարուի Զէյկըրը (Լէրի Քինկ) ծնած է 1933 թուականի 19 նոյեմբերին Նիւ Եորքի շրջանին մէջ։ Լէրիի ծնողները՝ Ճենի եւ Էտի Զէյկըրները, գաղթած են Պելառուսիսայէն եւ Աւստրիայէն (հայրը Աւստրիայէն էր, իսկ մայրը՝ Պելառուսիայէն)։ 

Հաղորդավարը յայտնի էր իր «Larry King Live» շոուի շնորհիւ։ Ան կատարած է աւելի քան յիսուն հազար հարցազրոյց։ Քինկը «Էմմի» եւ «Պիփոտ»ի մրցանակներու դափնեկիր է։