image

Աշխարհի մէջ «Քորոնա»ով վարակուածներու թիւը հասաւ 96,2 միլիոնի

Աշխարհի մէջ «Քորոնա»ով վարակուածներու թիւը հասաւ 96,2 միլիոնի

 

Աշխարհի մէջ անցած 1 օրուայ ընթացքին յայտնաբերուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ վարակման 624 353 դէպք: Այս մասին յայտնած է RT-ն:

 

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան հաղորդած տուեալներու համաձայն՝ ներկայ պահուն ամբողջ աշխարհի մէջ գրանցուած է COVID-19-ով վարակուած 96,2 միլիոն հիւանդ:

Միեւնոյն ժամանակ, «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով մահացած անձանց թիւն աշխարհի մէջ ընդհանուր առմամբ հասած է 2 082 745-ի:

Վարակման ամէնէն շատ դէպքեր արձանագրուած են Միացեալ Նահանգներու մէջ, որուն կը յաջորդեն Հնդկաստանը, Պրազիլը, Ռուսաստանը, Մեծ Բրիտանիան: