image

Եւրոխորհրդարանէն դատապարտման բանաձեւեր Թուրքիոյ դէմ

Եւրոխորհրդարանէն դատապարտման բանաձեւեր Թուրքիոյ դէմ

Եւրոխորհրդարանն ընդունած է «Ընդհանուր արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան մասին» (CFSP) եւ «Անվտանգութեան ու պաշտպանութեան ընդհանուր քաղաքականութեան մասին» (CSDP) բանաձեւեր-տարեկան զեկոյցներ, որոնց մէջ յատուկ տեղ յատկացուած է Լեռնային Ղարաբաղին, ինչպէս նաեւ կը դատապարտուին Թուրքիոյ միջամտութիւնը վերջին պատերազմին:

Նշուած է, որ Եւրոխորհրդարանը «կ'ողջունէ ռազմական գործողութիւններու դադարեցումը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ անոր շուրջը․ մտահոգութեամբ կ'ընդգծէ հակամարտութեան մէջ երրորդ երկիրներու ռազմական մասնակցութիւնը եւ, մասնաւորապէս, Թուրքիոյ ապակայունացնող դերն ու միջամտութիւնը․ կոչ կ'ընէ միջազգային հետաքննութիւն իրականացնել օտարերկրեայ գրոհայիններու ենթադրեալ ներկայութեան եւ ողկուզային զինամթերքի ու ֆոսֆորային ռումբերու օգտագործման վերաբերեալ. կոչ կ'ընէ Եւրոմիութեան եւ միջազգային մարմիններուն ապահովելու անոնց պատասխանատւութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական յանցագործութիւններու եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մէջ արգիլուած զէնք օգտագործելու համար. կը պնդէ, որ անհրաժեշտ է մարդասիրական օգնութիւն մատակարարել, անյապաղ սկսիլ գերիներու եւ վիրաւորներու փոխանակումը եւ պահպանել Լեռնային Ղարաբաղի մշակութային ժառանգութիւնը»:

Եւրոխորհրդարանը առանձին պարբերութեամբ խստօրէն դատապարտած է Թուրքիոյ ապակայունացնող դերը, որն ալ աւելի կը խարխլէ փխրուն կայունութիւնը Հարաւային Կովկասի ողջ տարածաշրջանին մէջ:

«Եւրոխորհրդարանը կոչ կ'ընէ Թուրքիոյ ձեռնպահ մնալու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ցանկացած միջամտութենէ, այդ շարքին` Ատրպէյճանին ռազմական աջակցութիւն ցուցաբերելէ, եւ ձեռնպահ մնալ ապակայունացնող գործողութիւններէ ու աշխոյժօրէն նպաստել խաղաղութեան․ կը դատապարտէ Թուրքիոյ կողմէ օտարերկրեայ ահաբեկիչ-գրոհայիններու տեղափոխումը Սուրիայէն եւ այլ վայրերէն Լեռնային Ղարաբաղ, ինչպէս կը հաստատեն միջազգային դերակատարները, այդ շարքին՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրները. կ'ափսոսէ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը ապակայունացնելու անոր պատրաստակամութեան մասին, քանի որ ան կը յաւակնի հակամարտութեան մէջ աւելի վճռական դեր ունենալ»:

Նշուած է, որ Եւրոխորհրդարանն ի գիտութիւն կ'ընդունի Լեռնային Ղարաբաղի եւ անոր շուրջը ամբողջական հրադադարի մասին համաձայնագիրը, որ ստորագրուած է Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի կողմէ 2020 թուականի 9 նոյեմբերին:

Եւրոխորհրդարանը «յոյսով է, որ այս համաձայնագիրը կը փրկէ ինչպէս խաղաղ բնակիչները, այնպէս ալ զինծառայողները եւ աւելի պայծառ հեռանկարներ կը բանայ այս մահացու հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման համար.

կ'ափսոսայ, որ «սթաթուս քօ»ի փոփոխութիւնը ձեռք բերուած է ռազմական ուժի, այլ ոչ թէ խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով.

խստօրէն կը դատապարտէ խաղաղ բնակիչներու սպանութիւնները եւ քաղաքացիական կառոյցներու ու երկրպագութեան վայրերու ոչնչացումը, կը դատապարտէ հակամարտութեան մէջ ողկուզային զինամթերքի օգտագործման մասին հաղորդագրութիւնները. վճռականօրէն կոչ կ'ընէ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին առանց յետաձգելու վաւերացնել «Ողկուզային զինամթերքի մասին» համաձայնութիւնը, որ ամբողջութեամբ կ'արգիլէ անոնց օգտագործումը. կը շեշտէ, որ տեւական կարգաւորում դեռ չէ գտնուած, եւ որ տարածաշրջանի խաղաղութեան հասնելու եւ ապագայ իրաւական կարգավիճակի որոշման գործընթացը պէտք է ղեկավարուին Մինսքի խումբի համանախագահներու կողմէ եւ հիմնուած ըլլան խումբի հիմնական սկզբունքներուն վրայ.

կ'ընդգծէ անյապաղ անհրաժեշտութիւնը` ապահովելու համար, որ մարդասիրական օգնութիւնը հասնի կարիքաւորներուն, ապահովուի հայ բնակչութեան եւ անոր մշակութային ժառանգութեան անվտանգութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, ինչպէս նաեւ՝ որ ներքին տեղահանուած անձանց եւ փախստականներուն թոյլատրուի վերադառնալ իրենց բնակութեան վայրեր.

կոչ կ'ընէ պատշաճ կերպով հետաքննելու պատերազմական յանցագործութիւններու վերաբերեալ բոլոր պնդումները, եւ մեղաւորները պատասխանատւութեան ենթարկել.

կոչ կ'ընէ ԵՄ-ին աւելի կառուցողականօրէն մասնակցելու հակամարտութեան կարգաւորման եւ տարածաշրջանի ճակատագիրը չթողել այլ տէրութիւններու ձեռքը»:

Նշուած է, որ ԵՄ-ին անհրաժեշտ է անյապաղ որոշել լաւագոյն աշխարհաքաղաքական եւ ընդհանուր ռազմավարութիւնը Թուրքիոյ հետ իր կարճաժամկէտ, միջնաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ յարաբերութիւններու համար, յատկապէս ժողովրդավարութենէն շարունակական նահանջի եւ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան աճող ճնշումներու ֆոնին, որ կը նպաստէ լարուածութեան սրման եւ ապակայունացնող ազդեցութեան, որ կը սպառնայ տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան արեւելեան Միջերկրական ծովին մէջ, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ, Իրաքի, Լիպիոյ եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւններուն մէջ անոր դերի առնչութեամբ: