image

Շուշին ատրպէյճանցիները չեն գրաւած, այն յանձնուած է. Գաբրիէլեանով

Շուշին ատրպէյճանցիները չեն գրաւած, այն յանձնուած է. Գաբրիէլեանով

 

Հայաստանը պարտուած է, սակայն հայերը չեն պարտուած պատերազմը Ղարաբաղի մէջ: Այդ մասին 21 յունուարին լրագրողներուն տուած հարցազրոյցի ժամանակ յայտարարած է ռուս լրագրող, «Իզվեսթիա» թերթի խմբագրութեան տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Արամ Գաբրիէլեանովը:

Ռուս լրագրողը համոզմունք յայտնած է, որ Շուշի քաղաքը գրեթէ յանձնուած էր հակառակորդին:

«Ես յստակ գիտեմ, որ Շուշին յանձներ են, 150 տոկոս: Սեմիոն Փեկովը կանգնած էր Քարինտակի մէջ: Երբ Ղարաբաղի նախագահի մամուլի քարտուղարը, որ ծնած է իմ մօր գիւղին մէջ, գրած էր, որ Շուշին յանձներ են, ես զանգեր եմ Սեմիոն Փեկովին, եւ հետաքրքրուեր՝ ինչ տեղի կ'ունենայ այնտեղ: Ես հարցուցեր եմ անոր՝ Շուշին յանձնե՞ր են: Այդ ժամանակ ան ինծի պատասխանեց. «Ինչպէ՞ս յանձներ են: Ես կը տեսնեմ՝ ինչպէս հայկական թանկերը վեր կը բարձրանան: Այնտեղ այժմ մարտեր կ'ընթանան, քաղաքի 85 տոկոսը կը գտնուի հայերու ձեռքը, իսկ 15 տոկոսին մէջ ատրպէյճանական յատուկջոկատայիններն են: Ամէնուր մարտեր կ'ընթանան»: Այդ ժամանակ ես անոր ըսի, որ այստեղ յայտարարած են, սակայն Փեկովն ըսաւ. «Ես չեմ գիտեր՝ ինչ յայտարարեր են, Արամ Աշոտովիչ, ես իմ աչքերով կը տեսնեմ, թէ ինչ կը կատարուի այստեղ: Եւ ինծի բոլորը, անգամ զինուորականները, կ'ըսեն, որ Շուշին հնարաւոր չէ գրաւել: Քաղաքը պարզապէս արհեստականօրէն յանձներ են, վաճառեր»,-ըսած է Գաբրիէլեանովը: