image

Դատարանը անվաւեր ճանչցած է նախարարի որոշումը. Վիրապեան իր պաշտօնին կը վերադառնայ

Դատարանը անվաւեր ճանչցած է նախարարի որոշումը. Վիրապեան իր պաշտօնին կը վերադառնայ

 

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը որոշած է բաւարարել Ազգային արխիւի նախկին տնօրէն Ամատունի Վիրապեանի հայցը եւ անվաւեր ճանչնալ անոր պաշտօնէն ազատելու ՀՀ արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեանի հրամանը, անոր վերականգնել նախկին աշխատանքին:

 

Այս մասին կը տեղեկանանք դատական տեղեկատուական համակարգէն։ Վճիռը կայացուցած է դատաւոր Լիզա Գրիգորեանը:

Դատարանը որոշած է անվաւեր ճանչնալ նախարարի հրամանը, բաւարարել հարկադիր պարապուրդի գումարը բռնագանձելու՝ Ամատունի Վիրապեանի պահանջը, Վիրապեանը վերականգնել «Հայաստանի ազգային արխիւ» ՊՈԱԿ-ի տնօրէնի պաշտօնին:

Բացի այդ՝ դատարանը որոշած է նաեւ Արդարադատութեան նախարարութենէն յօգուտ ՀՀ պետական պիւտճէի բռնագանձել 4.000 ՀՀ դրամ գումար որպէս պետական տուրք, յօգուտ  Ամատունի Վիրապեանի՝ 50.000 ՀՀ դրամ՝ որպէս փաստաբանի խելամիտ վարձատրութեան գումար:

Վճիռն օրինական ուժի մէջ կը մտնէ հրապարակման պահէն մէկ ամիս ետք:

 

Լուրը՝ News.am-էն