«Մեր Յանձնախումբը, առաջին անգամ ըլլալով, քննած էր փողոցի փոփոխութեան հարցը, իր 14 Յուլիս, 2020-ի նիստի ընթացքին, ուր նուազդացուցիչ համարած էր, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կազմակերպած դահիճին անունը պատիւի արժանացած է։
Աւելին, Կիպրոսի Խորհրդարանը, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ, Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացող օրինագիծ մը վաւերացուցած էր։ Այս որոշումը, իրավական հարթակ փոխադրած էր թուրք ցեղասպանին մեծարման հանգամանքը։
Այսօր, ուրախ ենք յայտարարելու, թէ մեր բոլորին բաղձանքը իրականացած է։ Մեր շնորհակալութիւնները Պաֆոսի Քաղաքապետ Պրն. Ֆետոն Ֆետոնոսին, որ առանց որեւէ տատամսումի եւ երկմտանքի հաստատեց արդարութիւնը», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։