ԱԻ պետական ծառայութեան փրկարար ուժերու վարչութեան արագ արձագանգման յատուկ ստորաբաժանման հերթապահ խումբերը 2020 թուականի 13 նոյեմբերէն առ այսօր թշնամիի վերահսկողութեան տակ անցած բնակավայրերուն եւ դիրքային գօտիներուն մէջ կը շարունակեն իրականացնել փրկարար-որոնողական աշխատանքներ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի ԱԻՊԾ-ն:
Վերջինիս ինքնութիւնը պարզ է: Ան 1976 թուականին ծնած Հատրութ քաղաքի բնակիչ Արսէն Ղահրամանեանն է: Անոր աճիւնը յայտնաբերուած է Հատրութի շրջանի Այգեստան գիւղի տարանծքէն:
Ընդհանուր առմամբ, Արցախի փրկարարները որոնողական անշխատանքներու շնորհիւ մինչ օրս յայտնաբերած են 1246 ռազմագործողութիւններուն մասնակցած զինծառայողներու եւ քաղաքացիական անձանց աճիւններ: Որոնողական աշխատանքներուն կը մասնակցին նաեւ զինծառայողներու հարազատներ, տարածքին ծանօթ ուղեկցող-կամաւորներ:
Աշխատանքներն այս պահուն կ'ընթանան Վարանդայի /Ֆիզուլի/, Ջրականի/Ջապրայիլ/, Հատրութի, Կովսականի /Զանգելան/ շրջաններուն եւ Սիւնիքի մարզի Մեղրի քաղաքի նախկին վարչական տարածքին մէջ: