ՌԴ խաղաղապահ զինծառայողներն Արցախի տարածքին տեղակայուած ժամանակակից ամրաշինական կառոյցներով եւ բնակութեան համար հարմարաւէտ պայմաններով յագեցած դիտակէտերուն մէջ կը շարունակեն վերահսկել հրադադարի ռեժիմը եւ վերահսկողութիւն իրականացնել:
Դիտակէտերը համալրուած են ամրաշինական կառոյցներով, որոնք նախատեսուած են զինծառայողները հրաձգային զէնքէն եւ բեկորներէն պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ յարակից տարածքի նկատմամբ շրջանաձեւ հսկողութիւն իրականացնելու համար:
Ներկայիս խաղաղապահները կ'իրականացնեն իրադրութեան շուրջօրեայ հսկողութիւն եւ հրադադարի ռեժիմի պահպանման վերահսկողութիւն:
Ռուսաստանցի խաղաղապահներու դիտակէտերու անձնակազմի հետ ամէն օր կ'իրականացուին զինադադարի ռեժիմի խախտման պարագային անհրաժեշտ գործողութիւններու պարապմունքներ: Կ'իրականացուին նաեւ դիտակէտերու վրայ հնարաւոր յարձակումներու պարագային պաշտպանուելու պարապմունքներ: