image

ԱՀԱԸ-ի աշխոյժ գործունէութիւնը վերադարձած է Արցախ. Նշուած է Ս. ծննդեան տօնը

ԱՀԱԸ-ի աշխոյժ գործունէութիւնը վերադարձած է Արցախ. Նշուած է Ս. ծննդեան տօնը

ԱՀԱԸ-ի Երեւանեան կեդրոնի պաշտօնական կայքէն կը կարդանք՝

 Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ,
Ձեզի մեզի մեծ աւետիս։
Օրհնեալ է ծնունդը Քրիստոսի:

Արդէն քանի օր է՝ Սուրբ աւետիսի այս օրհնաբեր խօսքերը կը հնչեն եւ կ'ազդարարեն Փրկչի ծնունդը, կ'ազդարարեն Աստուծոյ մեծ սէրը մարդու եւ աշխարհի հանդէպ, կ'ազդարարեն բարի լուրը, որ հասանելի է բոլորին...

Վկաներն այն հազարաւոր երեխաներն էին, որոնք ներկայ էին Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան Արցախի մասնաճիւղի եւ Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ համատեղ ջանքերով կազմակերպուած միջոցառման։

Այսպէս, 8 յունուարէն 11-ը 3000 մանուկներ եւ պատանիներ մասնակցեցան Սուրբ Ծննդեան միջոցառումներու, սիրառատ ու ջերմ մթնոլորտի մէջ դիտեցին Սուրբ Ծննդեան ներկայացումը ամենակարեւորի մասին եւ ստացան անակնկալ նուէրներ։

Միջոցառումը կազմակերպուած էր պատերազմի հետեւանքով տարհանուած եւ սոցիալապէս անապահով երեխաներու, ինչպէս նաեւ Մարտակերտի, Ասկերանի, Շուշիի եւ Ստեփանակերտի մանկապարտեզներու երեխաներու, «Շող» ցերեկային կեդրոններու սաներու, կիրակնօրեայ եւ պատանեաց խմբակներ յաճախող մանուկներու եւ պատանիներու, Արցախի մասնաճիւղի աշխատակիցներու երեխաներու համար։

 

Artsakh IMG 8438

 

Artsakh IMG 8309

 

Աւետարանչականը հոգաց, որ բոլոր երեխաներն ստանան Սուրբ Ծննդեան իրենց նուէրը։

Ինչպէս միշտ, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը եւ Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցին կը շարունակեն խոնարհաբար եւ պատուով իրականացնել իրենց առաքելութիւնը․․․ անոնք այսօր արցախահայութեան հետ են եւ Աստուծոյ կամօք կը շարունակեն հասնիլ, մխիթարել, զօրակցիլ, կրթել եւ զարգացնել․․․

Թող Աստուած օրհնէ բոլոր յօժար սրտերը։

«Ամէն սկիզբ օրհնանքի խօսք է բարի,
Որ վերջ լինի հին ցաւերին ու աւարտ»․․․


Artsakh IMG 8467