image

Նաթանիահուն ռուսերէնով թելեկրամեան ալիք բացած է

Նաթանիահուն ռուսերէնով թելեկրամեան ալիք բացած է

 

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն ռուսալեզու ալիք բացած է Telegram մեսէյնճըրին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ Kp.ru-ն:

 

Netaniahurus ալիքի նկարագրութեան հատուածին մէջ նշուած է, որ այն իսրայէլցի վարչապետի պաշտօնական ալիքն է: Երկրի կառավարութեան ղեկավարի խորհրդական Տմիթրի Կենտելմանը հաստատած է այդ տեղեկութիւնը եւ յիշեցուցած, որ վարչապետը արդէն իսկ ռուսալեզու էջ ունի Facebook ընկերային ցանցին մէջ:

«Facebook-ի մէջ անոր ռուսալեզու էջը գոյութիւն ունի արդէն աւելի քան 6 տարի եւ կը համարուի իսրայէլցի քաղաքական գործիչներու շրջանակէն ներս ամենատարածուածը»,- ըսած է Կենտելմանը:

Նաթանիահուի խորհրդականը նաեւ նշած է, որ Իսրայէլի վարչապետը որոշած է թելեկրամեան ալիք բանալ, քանի որ այդ հարթակն բաւական տարածուած է: