image
Հրատապ լուրեր:

Հռոմի պապը «Քորոնա»ի դէմ պատուաստ ստացած է

Հռոմի պապը «Քորոնա»ի դէմ պատուաստ ստացած է

 

Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոսը պատուաստուած է «Քորոնա» ժահրի դէմ՝ ամերիկեան Pfizer եւ գերմանական BioNTech ընկերութիւններու արտադրած դեղամիջոցով: Այս մասին չորեքշաբթի օր հաղորդած է արժանթինական La Nacion թերթը՝ վկայակոչելով իր աղբիւրները: Կը յայտնէ ԹԱՍՍ լրատուական գործակալութիւնը։

 

Ինչպէս նշած է պարբերականը՝ հովուապետին տրուած է պատուաստանիւթի առաջին չափաբաժինը, երկրորդը ան պիտի ստանայ երեք շաբթուայ ընթացքին:

Վատիկանի մէջ Հռոմի պապի պատուաստման մասին տեղեկութիւնները դեռ պաշտօնապէս չեն հաստատուած: Վերջերս տուած հարցազրոյցին մէջ 84-ամեայ պապը յայտարարած էր պատուաստուելու իր մտադրութեան մասին՝ նշելով, որ «իւրաքանչիւրի բարոյական պարտքն է պաշտպանել ուրիշներու առողջութիւնն ու կեանքը»:

Չորեքշաբթի օր աւելի վաղ Սուրբ Աթոռի մամուլի ծառայութեան ղեկավար Մատեո Պրունին յայտարարած է, որ Վատիկանի մէջ պատուաստումներ պիտի սկսին։