image

«Երեխաները չպէտք է զրկուին հեքիաթէն..»ԱՀԱԸ Կիւմրիի նախաձեռնութիւնը

«Երեխաները չպէտք է զրկուին հեքիաթէն..»ԱՀԱԸ Կիւմրիի նախաձեռնութիւնը

ԱՀԱԸ-ի Երեւանեան կեդրոնի պաշտօնական կայքէն կը կարդանք՝

2020-ը ոչ հեռու, բայց արդէն անցեալ է։ Հեռացաւ անվերադարձ՝ իր հետ տանելով հազարաւոր փշրուած երազանքներ։ Կեանքը եւս մէկ անգամ բեկուեցաւ․․․ Ու կրկին առաջ եւ ետ։ Սրտատրոփ կը սպասէինք տարուայ աւարտին։ Երեւի հանգչող մոմի դողացող լոյսի փոքրիկ յոյսով բացինք 2021-ի դռները։

Տարին փոխուեցաւ, խնդիրները մնացին։ Իսկ կեանքը կը շարունակուի։ Երեխաները երազել կ'ուզեն։ Չէ՜, իրենց հեքիաթը չենք կրնար գողնալ։ Իրենք պէտք է երազեն, ապրին, կառուցեն։ Մեր հերոսները հերոսացան այսօրուայ սերունդի եւ վաղուայ լուսաւոր երկրի համար։ Մենք այսօր յոյսի քաղց ունինք, հաւատքի քաղց ունինք։

Եւ Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդով պիտի մխիթարուինք, պիտի ապաքինուինք, հոգիով զօրանանք ու քրիստոնէական արժէքներով մեր երեխաներու «հեքիաթը» կեանքի կոչենք։

Կիւմրիի Հայ Աւետարանական եկեղեցին եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան Կիւմրիի մասնաճիւղը տարեմուտը, ինչպէս ամէն տարի, այս անգամ եւս կը սկսին Տիրոջ Սուրբ Ծննդեան աւետմամբ։


DSCN1056 web

 

DSCN0647 web

 

Աստուծոյ Լոյսը փառաբանութեան հոգեթով նոթաներու հետ ողողեր էր շուրջբոլորը։ Թող այս միջոցառումը դառնայ նորի ստեղծման, կայացման ու վերականգնման ղօղանջ։


ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ, ՄԵԶ ԵՒ ՁԵԶ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ։

Թամարա Սնխչեան
ԱՀԱԸ Գյումրու «Շող» կենտրոնի համակարգող