image

Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան զոհ՝ «Քորոնա»ի

Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան զոհ՝ «Քորոնա»ի

 Ամերիկահայ հանրածանօթ մտաւորական, հասարարական գործիչ՝ Կարպիս Տէր Եղիայեան կնքած է իր մահկանացուն։

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց՝ համացանցէն։

 

 Մեր ունեցած տուեալներով  Լոս Անճելոս ապրող յայտնի գործիչը օրեր առաջ վարակուած էր «Քորոնա»ով, որուն հետեւանքով ալ մահացած է։

 

 

 Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ արմատներով՝ Խարբերդցի եւ Հալէպ ծնած Տէր Եղիայեան կարեւոր դեր ունեցած է  ուսումնակրթական ոլորտին մէջ։

 Իր մեծ ճիգերով,  25 տարիներ առաջ հիմնադրուած է «Մաշտոց գոլէճ»ը, որ ցայսօր ալ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը։

 

 Կրթութեան, հայեցի եւ ազգային դաստիարակութեան ոլորտին մէջ, իր անունը ոսկեայ տառերով գրած ՝ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի վաստակին կ՚անդրադառնանք աւելի ուշ։

 

 

 Մեր խորին ցաւակցութիւնները հանգուցեալի պարագաներուն եւ յատկապէս թերթիս բարեկամ ՝ «Հայկազեան» համալսարանի տնօրէն Վերպ. Փօլ Հայտոսթեանին։