image

Թշնամին խոշտանգած է աստուածաբան, նարեկագէտ եւ պատմաբան Վահրամ Լալայեանը

Թշնամին խոշտանգած է աստուածաբան, նարեկագէտ եւ պատմաբան Վահրամ Լալայեանը

Պատերազմի դաժան օրերուն, Հատրութի մէջ՝ իր տան մէջ, թշնամիի կողմէ խոշտանգուած է աստուածաբան, նարեկագէտ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Վահրամ Լալայեանը։ Ան կը ղեկավարէր Ստեփանակերտի Գրիգոր Նարեկացի համալսարանի Պատմութեան ամպիոնը։  Այս մասին կը տեղեկացնէ անոր գործընկերը՝  Ամալիա Գրիգորեանը: «Յիրաւի, ծանր կորուստ է բոլորիս համար։ Նա մեծ հայրենասէր էր, բարձրակարգ մասնագէտ, ազնուագոյն Մարդ, գաղափարական հայ...

Վահրամ Լալայեանը արցախեան առաջին պատերազմի հաշմանդամ էր»,-տեղեկացուցած է անոր գործընկերը: 
Ըստ տեղեկութիւններու, հարազատները չեն կրցած յուղարկաւորել Վահրամ Լալայեանի մարմինը: