image

Հայաստանի մէջ. Թանկացումներ սնունդի ոլորտին մէջ

Հայաստանի մէջ. Թանկացումներ սնունդի ոլորտին մէջ

 

Վերջին երեք օրերուն Հայաստանի մէջ թանկացած է լայն սպառման մթերքը՝ կաթնամթերքը, հացա-կարկանդակեղէնը, նպարեղէնը։ NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ քաղաքացիներն ըսած են, որ թանկացումը անզէն աչքով նկատելի է։

«Պիտի կոյր ըլլալ, չնկատելու համար։ Մածունը, սմեթանը, կարագը թանկացած են, հացա-կարկանդակեղէնը թանկացած է 10-15 դրամով, բայց ի՞նչ ընենք, պէտք է ապրինք։ Երեք օր է՝ որ թանկացեր է»,– ըսած է քաղաքացիներէն մէկը։

«Առաջին անհրաժշտութեան բաներն ալ՝ ալիւրը թանկացեր է, լաւաշը թանկացեր է, ձէթն ալ։ Տեղեր ալ կայ՝ քաշը պակսեր է, գինը մնացեր է նոյնը, թաքնուած թանկացում է։ Լաւաշի քիլոկրամը 29 դրամով թանկացեր է»,– ըսած է մէկ ուրիշը։

Թանկացումներու ազդեցութիւնը քաղաքացիները արդէն իրենց պիւտճէի վրայ կը զգան. «Ի հարկէ, կը զգանք, ես թոշակառու եմ, թոշակը նոյնն է, գիները բարձրացեր են»։

Քաղաքացիներու կարծիքով՝ պատճառը տոլարի փոխարժէքի բարձրացումն է։ Այսօր ԱՄՆ տոլարի փոխարժէքը հասած էր 510 դրամի։ Հակառակ ատոր, քաղաքացիները չհիմնաւորուած կը համարեն նման կտրուկ թանկացումը։

«Ինչ ներմուծուած է, շատոնց ներմուծուած է, այսպիսի կտրուկ թանկացում պէտք է չըլլար, որովհետեւ ապրանքները ստացեր են շատոնց։ Մէկ ամիս, երեք շաբաթ առաջ սկսաւ այս ամէնը՝ բարձրացան գիները։ Եթէ յունուարէն թանկանար, կ'ըսէինք՝ սպառած են բերուած պաշարները։ Յոյսով ենք՝ այս ալ ժամանակաւոր է»։