image

Փաշինեանի հրաժարականի պահանջը կ՚աճի նաեւ սփիւռքի մէջ

Փաշինեանի հրաժարականի պահանջը կ՚աճի  նաեւ սփիւռքի մէջ

 

9 Նոյեմբերի Արցախեան հրադադարի եռակողմ յայտարարութեան ստորագրումէն ետք Սփիւռքի տարբեր համայնքներու բազմաթիւ կազմակերպութիւններ եւ կառոյցներ հանդէս եկած են յայտարարութիւններով եւ ուղերձներով, որոնց մէջ խստիւ կը դատապարտեն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ ստորագրուած յայտարարութիւնը՝ պահանջելով վարչապետի եւ անոր խումբի հրաժարականը։ 

 

Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՅԴ հանրային կապերու գրասենեակը անցած օրերու ընթացքին նման յայտարարութիւններով հանդէս եկած են Սփիւռքի երեք տասնեակէ աւելի նոր կառոյցներ՝ ՀՅԴ տարբեր շրջաններու մարմիններ, ազգային միութիւններ, Ազգային ղեկավար մարմիններ, հոգեւոր կառոյցներ: 

Փաշինեանի եւ անոր խումբի հրաժարականը պահանջող Սփիւռքեան կառոյցներու թիւը կը գերազանցէ 5 տասնեակը: Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ կազմակերպութիւններու եւ կառոյցների ցանկը:

-Քուէյթի Ազգային կառոյցներ

-ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ

-Լիբանանի Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութիւն

-ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն

-ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւն եւ Լիբանանի Երիտասարդական Միութիւն

-Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւն

-ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէ 

-ՀՅԴ Կեդրոնական Եւրոպայի Շրջան, Աւստրիոյ Հայ Դատի յանձնախումբ, ՀՄԸՄ-ի Վիեննայի մասնաճիւղ

-ՀՅԴ «Արմէն Գարո» ուսանողական միութիւն (Գանատա), Մոնթրէալի համալսարանի հայ ուսանողական միութիւն, Կոնկորթիա համալսարանի հայ ուսանողական միութիւն 

-ՀՅԴ Հիւսիսային եւ Հարաւային Իրանի Կեդրոնական Կոմիտէներ

-ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէ

-Սուրիոյ Հայ Դատի յանձնախումբ

-ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ

-ԱՄՆ Արեւելեան Շրջանի ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէ

-ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէ

-ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէ

-Թեհրանի եւ Սպահանի հայոց թեմեր

-Նոր Ջուղայի Հայ Մ.Մ. «Արարատ» միութիւն, Նոր Ջուղայի Հայ Կանանց Գթութեան միութիւն,  Նոր Ջուղայի Հայուհեաց Բարեգործական
ընկերութիւն, Հայ Ուս. «Չհարմահալ» միութեան Նոր Ջուղայի
Մասնաճիւղ

-Թեհրանահայ 17 միութիւններ

-ՀՅԴ Պուլկարիոյ Կեդրոնական Կոմիտէ

-Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Գանատայի Շրջանային Վարչութիւն

-ՀՄԸՄ Գանատայի Շրջանային Վարչութիւն

-ՀՅԴ Անգլիոյ շրջան