image
Հրատապ լուրեր:

Ֆրանսայի մէջ. Հայերու դէմ յարձակած 2 թուրքի դէմ քրէական գործ յարուցուած է. Ermenihaber.am

Ֆրանսայի մէջ. Հայերու դէմ յարձակած 2 թուրքի դէմ քրէական գործ յարուցուած է. Ermenihaber.am

Ֆրանսայի Վիէն քաղաքի դատախազութիւնը հայերու վրայ յարձակած երկու թուրքի նկատմամբ մեղադրանք առաջադրած է, կը հաղորդէ Ermenihaber-ը:

Նշենք, որ աւելի վաղ Ֆրանսայի ոստիկանութիւնը ձերբակալած էր 45 եւ 21 տարեկան թուրքեր՝ Արտեշի շրջանէն։ Վերջիններս հայր եւ որդի են։ Դատարանը անոնց ազատ արձակած է գրաւի դիմաց՝ պայմանով, որ չեն լքեր Ֆրանսայի տարածքը:

Դատախազութեան կողմէ ներկայացուած մեղադրական եզրակացութեան մէջ նշուած է, որ 45-ամեայ տղամարդը վնաս հասցուցած է 2, իսկ 21-ամեայ երիտասարդը՝ 3 հայ ցուցարարի։

Յիշեցնենք, որ յարձակումը դատապարտելու համար, ֆրանսահայերը ի նշան բողոքի, փակած էին ֆրանսական A7 մայրուղին։ Թուրք սադրիչները բախում հրահրած էին, որու հետեւանքով մօտ մէկ տասնեակ հայ վիրաւորուած էր։ Թուրքերէն մէկը մուրճով հարուածած էր մեր հայրենակիցներէն մէկուն գլխուն, վերջինս ծանր վիրաւորում ստացած էր։ 21-ամեայ սադրիչը երեք խաղաղ ցուցարարի մուրճով հարուածողներէն է։