Չեղեալ համարուած է Նիկոլ Փաշինեանի այցը Ռուսաստանի Դաշնութիւն, քանի որ ՀՀ վարչապետը չէ յաջողած բարձր մակարդակի հանդիպման հնարաւորութիւն ստանալ ՌԴ ղեկավարութենէն: Այս մասին կը հաղորդէ թելեկրամեան ալիք՝Mediaport-ը:
Փաշինեան-Փութին երկկողմ հանդիպելու ՀՀ բոլոր ջանքերը ձախողած են: ՀՀ վարչապետի արարողակարգի ղեկավարը ետ կանչուած է Երեւան: