image
Հրատապ լուրեր:

Արարատ, Եղեգնաձոր, Սիսիան, Կապան՝ ձիւնաթափ

Արարատ, Եղեգնաձոր, Սիսիան, Կապան՝ ձիւնաթափ

ՀՀ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու «Ճանապարհային բաժանմունք»ի պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութիւը կը տեղեկացնէ, որ 30 նոյեմբերին՝ ժամը 9։30-ի դրութեամբ‚ Արարատի, Եղեգնաձորի, Սիսիանի, Կապանի տարածաշրջաններու ճանապարհներուն ձիւն կը տեղայ: Դիլիջանի, Գորիսի, Արարատի տարածաշրջաններու ճանապարհներուն եւ Վարդենեաց լեռնանցքին մէջ տեղ-տեղ մերկասառոյց է։

Երեւան-Սեւան ճանապարհին եւ Վայքի տարածաշրջանին մէջ մառախուղ է, տեսանելիութիւնը՝ 50-100 մեթր։ Միջպետական եւ հանրապետական նշանակութեան բոլոր ճանապարհները բաց են:

Ճանապարհաշինարարները ճանապարհներուն կը կատարեն մաքրման եւ աղով, աւազով մշակման աշխատանքներ:

Վթարներէն, պատահարներէն եւ խցանումներէն խուսափելու համար վարորդներուն խորհուրդ կը տրուի երթեւեկել բացառապէս ձմեռային անուադողերով: