image

Եղածը անտէրութեան ցուցանիշ. Վիրաւորուած հայ սպային ատրպէյճանցին օգնած է

Եղածը անտէրութեան ցուցանիշ. Վիրաւորուած հայ սպային ատրպէյճանցին օգնած է

 

Մատաղիսի մէջ իր զինուորներու դիերը դուրս բերելու ժամանակ, ականի պայթումէն վիրաւորում ստացած ՊԲ փոխգնդապետը իմ ամուսինն է, որուն ատրպէյճանցի զինծառայողը  առաջին օգնութիւն ցուցաբերած է ու իր մեքենայով հասցուցած է մինչեւ մեր սահման։ Այս մասին իր դիմատետրեան էջին գրած է Սոֆիա Թեւոսեանը՝ հրապարակելով վիրաւոր ամուսինին լուսանկարը։

 

«Ատրպէյճանցի  գնդապետը զոհուեր է, իսկ ամուսինս եւ երկու փրկարար՝ վիրաւորուեր են։

Տեսնելով անօգնական սպային՝ թուրք զինծառայողներէն մէկը առաջարկեր է վիրաւոր ռուս խաղաղապահի հետ մէկտեղ ամուսինիս ալ տանին Նաւթալան՝ ըսելով, որ իր գլուխով պատասխանատու է անոր անվտանգութեան համար... Համապատասխան մարմինները այնտեղ եղած են, ինչո՞ւ անօգնական թողած են անոր...

Միթէ՞ այլեւս անտէրութեան մատնուած ենք...»,- գրած է ան: