image
Հրատապ լուրեր:

Չորեքթար գիւղի բնակիչը կը մերժէ լքել իր տունը (Տեսանիւթ)

Չորեքթար գիւղի բնակիչը կը մերժէ լքել իր տունը (Տեսանիւթ)

«Այս տարածքը երբեք չէ եղած ատրպէյճական, այս Մարտակերտի շրջանն է»: Այս մասին լրագրողին հետ զրոյցին կը պատմէ Շահումեանի շրջանի Չորեքթար գիւղի բնակիչներէն մէկը, որ կը պնդէ, որ ինքը պիտի չլքէ գիւղը, ինչ որ պատահի: Նկարահանումը եղած է նախքան որ այդ գիւղը փոխանցուի Ատրպէյճանին:

Բնակիչը կը պատմէ, որ գիւղացիներով պիտի պաշտպանեն իրենց գիւղը եւ պիտի չլքեն:

«Ռուս խաղաղապահները 15 քմ հեռաւորութեան վրայ պիտի ըլլան, այդ է Ղարաբաղը, բայց ինծի համար իմ տունը, իմ հողը այստեղէն կը սկսի եւ ոչ թէ այնտեղէն»,-ըսած է բնակիչը:

Հարցին թէ ինչ պիտի ընէ, երբ ատրպէյճանցիները գան, ան կը պատասխանէ. «Թող մտածեն անոնք, որոնք զէնքով կը մտնեն իմ տունս: Այս իմ տունն է, այս իմ պատիւն է եւ իմ պատմութիւնը: Ես պատրաստ եմ զէնքը ձեռքիս մինչեւ վերջ կանգնիլ, ինչպէս մինչեւ հիմա կանգնած եմ: Յիշիր ոսկի խօսքերը՝ մեռիր պատւով, մ'ըլլար վախկոտ, մէջքով մի շրջուիր, միեւնոյնն է պիտի կրակեն:

Երբ պատերազմը սկսաւ, մենք բոլոր կանանց, երեխաներուն եւ ծերերուն տարհանեցինք Հայաստան, իսկ մենք բարձրացանք դիրքեր:

Այո, գիտեմ, որ զիս պիտի սպաննեն, զիս 15 անգամ սպաննած են: Ես գիտեմ, որ անոնցմէ 5-ին հետս կը տանիմ, թող իրենք մտածեն՝ իմ տունս զէնքով գալէն առաջ: Ես ոտքեր չունիմ, շինծու անդամներ են, թոքերուս կէսը չկայ, 73 վիրաւորում ունիմ, ուր փախիմ: Այնտեղ հօրս գերեզմանն է: Երբ գան պիտի պղծեն: Ես պէտք է ըսեմ եւ այդպէս ալ պէտք է ըլլայ»,-նշած է գիւղի բնակիչը:

Աւելի մանրամասնութիւններ տեսանիւթով: