image

Հայաստանի մէջ. Յայտնի են ձմեռնային արձակուրդի օրերը

Հայաստանի մէջ. Յայտնի են  ձմեռնային արձակուրդի օրերը

ԿԳՄՍ նախկին նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի ստորագրած հրամանով սահմանուած են 2020-2021 ուսումնական տարուան ձմեռնային արձակուրդի օրերը։ Հրամանին մէջ որեւէ փոփոխութիւն դեռ չէ եղած, այն կը գործէ։

Առաջին դասարանցիներու ձմեռնային արձակուրդները կը տրուին 28 դեկտեմբեր 2020-էն, 24 յունուար 2021-ը ներառեալ, գարնանայինը` 22 մարտ 2021-էն, 4 ապրիլ 2021-ը ներառեալ:

Երկրորդ դասարանցիներու ձեմռնային արձակուրդները կը տրուին 28 դեկտեմբեր 2020-էն, 17 յունուար 2021-ը ներառեալ եւ գարնանայինը` 22 մարտ 2021-էն, 28-ը՝ ներառեալ:

Ուսումնական պարապմունքներու ընթացքին 3-11-րդ դասարաններուն կը տրուին արձակուրդներ` ձմեռնային` 28 դեկտեմբեր 2020-էն, 10 յունուար 2021-ը ներառեալ, գարնանային արձակուրդ չի նախատեսուիր:

Ուսումնական պարապմունքներու ընթացքին 12-րդ դասարանցիներուն կը տրուի ձմեռնային արձակուրդ՝ 28 դեկտեմբեր 2020-էն, 10 յունուար 2021-ը ներառեալ։ Գարնանային արձակուրդ չի նախատեսուիր: