image

Բերձորը պիտի չդատարկուի

Բերձորը պիտի չդատարկուի

Արցախի Քաշաթաղի շրջանի Բերձոր, Աղավնօ եւ Սուս համայնքներուն մէջ տարհանումը դադրած է: Այս բնակավայրերը կը մնան  հայկական: «Արմէնբրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ այս մասին տեղեկացուցած է Քաշաթաղի շրջանի վարչակազմի ղեկավար Մուշեղ Ալավերդեանը:

«Այս պահուն առանց յստակեցնելու կրնամ ըսել, որ պայմանաւորուածութիւններ փոխուած են, անվտանգութեան երաշխիքներ ստացած ենք: Իմ անմիջական պատասխանատւութեան ներքոյ այս բնակավայրերուն մէջ իրականացուող տարհանումը դադրեցուցած ենք եւ պիտի մնանք այստեղ»,-մանրամասնած է շրջանի վարչակազմի ղեկավարը: