image

Արցախի մէջ երկու լիբանանահայեր կորսուած են

Արցախի մէջ երկու լիբանանահայեր կորսուած են

Արցախի ռազմական գործողութիւններու դադրեցման յայտարարութենէն ետք, 10 նոյեմբերին երկու լիբանանահայ անհետացած է: «Արմէնբրես»-ի հետ 26 նոյեմբերի հարցազրոյցին, այս մասին ըսած է Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար՝ Զարեհ Սինանեան:

«Մենք այսօր ունինք երկու լիբանանահայ, որոնք անհետացած են: Մէկ կին եւ մէկ տղամարդ անհետացած են Արցախի մէջ, զինադադարէն յետոյ: Գացած են իրենց ունեցուածքը հանելու եւ այդ մարդիկ չկան: Կը փորձենք պարզել, թէ ուր են, բայց չենք կրնար գտնել իրենց, թուրքերու քովն են իրենց հեռախօսները»,- ըսած է Սինանեան:

Լիբանանահայերէն մէկը հայրենիք վերադարձած է Պէյրութի մէջ 4 օգոստոսին տեղի ունեցած պայթումէն ետք, ցանկութիւն յայտնելով վերաբնակուիլ Արցախ: Ան ժամանակաւորապէս տեղաւորուած է Շուշի քաղաքի հիւրանոցը, մինչեւ բնակութեան համար յատկացուելիք տան յանձնումը: Պատերազմը սկսելէն ետք տեղափոխուած է Գորիս, իսկ ռազմական գործողութիւններու դադրեցումէն յետոյ` 10 նոյեմբերին, մէկ այլ լիբանանահայ տղամարդու մը հետ Բերձորէն ենթադրաբար մեկնած է Շուշի` իր իրերը բերելու համար:

Լիբանանահայերու հետ կապ հաստատել չէ յաջողուած, իսկ աւելի ուշ թուրք կամ ազերի անձեր պատասխանած են հեռախօսին, սկիզբը յայտնած են, որ կինը գերի է, բայց վերջը նշած, թէ սպաննուած է: Լիբանանահայ տղամարդուն վերաբերեալ տեղեկութիւններ չկան:

Դէպքին վերաբերեալ տեղեկութիւնները փոխանցուած են ՀՀ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանին, Կարմիր Խաչին եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան: