image
Հրատապ լուրեր:

Բերձորի խնդրով վերջնական որոշում տակաւին չկայ

Բերձորի խնդրով վերջնական որոշում տակաւին չկայ

Արցախի Հանրապետութեան Քաշաթաղի շրջանի վարչակազմը յայտարարութիւն տարածած է, որուն մէջ ըսուած է․

«Պաշտօնապէս կը յայտարարենք, որ ոչ մէկ բնակիչի «հրամայուած է»՝ մինչեւ 30 նոյեմբերը Բերձորը լքել։
 Կը շրջանառուի վարկած՝ իբր 1 դեկտեմբերէն Բերձոր քաղաքի կառավարումը պէտք է անցնի ատրպէյճանցի քաղաքային նոր ղեկավարներուն,իսկ բերձորցիներուն կը թոյլատրուի շարունակել ապրիլ։
 Սա դեռ վարկած է, որուն հերքման կամ հաստատման մասին առայժմ ոչինչ կրնանք ըսել, ըստ այդմ՝ ոչ ոքի կրնայինք «հրամայել» որ լքեն քաղաքը։
 Բերձոր քաղաքի հետագայ կարգավիճակը պարզելու ուղղութեամբ կը տարուին քննարկումներ, բանակցութիւններ, որոնց արդիւնքի մասին, յոյս կը յայտնենք, որ ԱՀ կառավարութիւնը ժամանակին կը յայտարարէ եւ հնարաւորինս ոչ ոք կը տուժէ»։

Նշենք, որ դիմատետրեան շարք մը օգտատէրեր կ'ահազանգեն, որ Բերձորի բնակիչներուն երեք օր ժամանակ տրուած է, որպէսզի լքեն քաղաքը։