image
Հրատապ լուրեր:

«Պատերազմները միայն ցաւ եւ վիշտ կը բերեն» Արամ արք. Աթէշեանի նախագահութեամբ հոգեհանգիստ Պոլսոյ մէջ

«Պատերազմները միայն  ցաւ եւ վիշտ կը բերեն» Արամ  արք. Աթէշեանի նախագահութեամբ հոգեհանգիստ Պոլսոյ մէջ

Պոլսոյ մէջ  Արցախի  մէջ զոհուածներու հոգիին համար հոգեհանգստեան կարգ  տեղի ունեցած է։

 

 Այս մասին  «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ  Պոլսոյ իր  աղբիւրէն։

 

 Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ  Պոլսոյ  Պաքըրգիւղի հայաշատ   շրջանի  Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ   մէջ    մատուցուած Սուրբ եւ անմահ պատարագի աւարտին  տեղի ունեցած է հոգեհանգստեան  կարգ մասնաւորապէս  Ղարաբաղի մէջ  զոհուածներու հոգիի  խաղաղութեան համար։

 

  Հոգեհանգստեան  արարողութեան  նախագահած է  Պոլսոյ Միաբանութեան երէց անդամներէն Տ. Արամ  արք. Աթէշեան,  որ   արտասանած է յաւուր պատշաճի պատգամ մը։

 Սրբազան հայրը մասնաւորապէս  ըսած է «Մեզի համար  բոլոր պատերազմները մերժելի են ու  լեցուն  են  ցաւով ու վիշտով։  Այսօր այդ  տխուր  առիթով է   նաեւ, որ այստեղ  ենք  աղօթելու համար  Ղարաբաղի մէջ զոհ  գացածներու յիշատակին։ Թող   բարձրեալն Աստուած խաղաղութիւն  պարգեւէ   պատերազմի ժամանակ   մահացած  բոլոր   զոհերու հոգիին, ի վերջոյ  բոլորն  ալ  Աստծոյ զաւակներն են» ըսած  է Տ. Արամ արք. Աթէշեանը։