image
Հրատապ լուրեր:

Համաշխարհային պարտքը նոր մրցանիշ հաստատած է. Պատճառը՝ «Քորոնա»ն է

Համաշխարհային պարտքը նոր մրցանիշ հաստատած է. Պատճառը՝ «Քորոնա»ն է

Համաշխարհային պարտքը «Քորոնա» ժահրի համավարակի պատճառով այս տարեվերջին կը հասնի մրցանշային 277 թրիլիոն տոլարի (համաշխարհային Համախառն ներքին արդիւնքի (ՀՆԱ) 365 տոկոսը): Այս տուեալները ներկայացուած են Institute of International Finance-ի զեկոյցով:

Անցեալ տարուայ վերջէն պարտքը աճած է 15 թրիլիոնով: Կը նախատեսուի, որ ոչ ֆինանսական պարտքը այս տարի կը հասնի 210 թրիլիոն տոլարի` 2019-ի 194 թրիլիոն տոլարի համեմատ: Զարգացող երկիրներու պարտքը կը կազմէ անոնց ընդհանուր ՀՆԱ-ի գրեթէ 210 տոկոսը:

Որպէս համաշխարհային պարտքի աճի պատճառ` մասնագէտները նշած են  ցած տոկոսադրոյքներու պատճառով վարկերու քանակի աւելացումը աշխարհի կառավարութիւններէն եւ ընկերութիւններէն: Այս կապակցութեամբ տնտեսագէտները կ'արձանագրեն չգոյութեան (default) վտանգի աճը, կը գրէ Lenta-ն:

Աւելի վաղ` յուլիսին, Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի փորձագէտները յայտարարած էին, որ աշխարհի բոլոր երկիրներու պատմութեան մէջ առաջին անգամ պետական ​​պարտքը 2020-ի վերջին կը հասնի աշխարհի ՀՆԱ-ի 101,5 տոկոսին եւ կը թարմացնէ մրցանիշը` ինչպէս եւ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք: