image

Շուտով թուրք զինուորներ Ատրպէյճան պիտի մեկնին. Թուրքիոյ ՊՆ

Շուտով թուրք զինուորներ Ատրպէյճան պիտի մեկնին. Թուրքիոյ ՊՆ

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար՝ Հուլուսի Աքարը յայտնած է, որ թուրք զինուորները Ատրպէյճան ուղարկելու նախապատրաստական աշխատանքները աւարտած են։

Թրքական Hurriyet–ի հաղորդմամբ՝ Հոլուսի Աքարը շեշտած է, թէ ամենամօտ ժամանակին թուրք զինուորները պիտի մեկնին Ատրպէյճան եւ պիտի իրականացնեն իրենց ծառայութիւնը։

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը յիշեցուցած է, որ թուրք զինուորները Ատրպէյճան կը մեկնին օրեր առաջ խորհրդարանի ընդունած օրինագծին համաձայն ։