image

Մանուէլ Գրիգորեանի վերջին հրաժեշտը՝ Արշալոյս գիւղին մէջ

Մանուէլ Գրիգորեանի վերջին հրաժեշտը՝ Արշալոյս գիւղին մէջ

ԱԺ նախկին պատգամաւոր, Երկրապահ կամաւորականներու միութեան (ԵԿՄ) նախկին նախագահ, Արցախի հերոս, զօրավար-լեյտենանտ Մանուէլ Գրիգորեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած է իր հայրենի գիւղի` Արշալոյսի, ընտանեկան գերեզմանատունը:

Նշենք, որ  Մանուէլ Գրիգորեանի ցանկութիւնն էր յուղարկաւորուիլ Սպարապետ՝ Վազգէն Սարգսեանի կողքին, սակայն չեն թոյլատրած, չնայած որ աւելի վաղ յայտնած էին, որ Գրիգորեանի յուղարկաւորութիւնը պիտի ըլլայ «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն:

Մանուէլ Գրիգորեան երկար ժամանակ է, որ առողջական խնդիրներ ունէր: Իրեն առաջադրուած մեղադրանքներով դատական նիստերը շուրջ մէկուկէս տարի կը ձգձգուէին այդ պատճառով: Ամիսներ առաջ որոշ ժամանակ վերակենդանացման բաժանմունք մնաց ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ: Որմէ ետք  դատարանը զինք կալանքէն ազատելու որոշում կայացուց:

Մանուէլ Գրիգորեան Արցախեան ազատամարտի մասնակից էր: Ան մասնակցած էր ԼՂՀ հարաւային սահմաններու պաշտպանական մարտերուն, Մարտակերտի շրջանին ծաւալուած մարտական գործողութիւններուն, ղեկավարած էր Հատրութի շրջանի Հողեր գիւղի ազատագրական գործողութիւնը:

Մանուէլ Գրիգորեան 1999-էն մինչեւ 2018 եղած էր Երկրապահ կամաւորական միութեան նախագահ: 1992-1996-ին՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի, իսկ 2012-2018-ին՝ ՀՀ Ազգային ժողովի պատգամաւոր: