image

Բարի լուր Պոլսէն. Տէյիրմենճեան ամոլը բախտաւորուած է առաջնեկով մը ՝ Վանենի

Բարի լուր Պոլսէն. Տէյիրմենճեան ամոլը բախտաւորուած է առաջնեկով մը ՝ Վանենի

Պոլսահայ Տէյիրմենճեան ամոլը՝ Տէր եւ Տիկին Սեւան եւ Մելիս Տէյիրմէնճեաններ բախտաւորուած են առաջնեկ աղջիկ զաւակով մը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պոլսէն։

Հրաշք նորածինը կը կոչուի՝ Վանենի։

Նշենք, որ հայաշխարհի մէջ մամլոյ եւ բանասիրութեան մէջ իր յարգելի տեղն ունեցող Սեւան Տէյիրմենճեանը ամուսնացած էր տարի մը առաջ եւ, կազմելով ընտանեկան բոյնմ որոշած էր իր կեանքը շարունակել Պոլսոյ մէջ։

 

Երկար տարիներ Պոլսոյ «Ժամանակ»ին մէջ  ստորագրութիւն  ունեցած Տէյիրմենճեան վերջին տարիներուն կ՚աշխատակցի «Ակօս» շաբաթաթերթին, ան նաեւ խորհրդականն է Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ անդամ Կարօ Փայլանին։

Յարատեւ առողջութիւն եւ արեւշատութիւն կը մաղթենք Տէյիրմենճեան ընտանիքին, յուսալով եւ մաղթելով, որ հայկական օճախներուն մէջ նորածին երեխաներու  խինդն ու եռանդը վառ մնան։