image

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքը դիմած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքը դիմած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիրաքութեան Գահակալ Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Պատրիարք Մանուկեան երէկ, 20 Նոյեմբեր, 2020-ին, նամակով դիմած է Ռուսիոյ նախագահ՝ Վսեմաշուք Տիար Վլատիմիր Փութինին, կը տեղեկանանք Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութենէն

 

 

Յարգարժան Նախագահ,

 

Կ՚ողջունենք Ձեզ Սուրբ Քաղաք Երուսաղէմէն եւ Սուրբ Երկրի Տնօրինական սրբավայրերէն Ձեզ եւ Ռուս ժողովուրդին կը յղենք բիւր օրհնութիւն եւ աղօթք: Ինչպէս նաեւ կ՚ուզենք մեր երախտագիտութիւնը յայտնել Ձեզ, միջնորդութեան եւ կողմերու հետ զինադադարի յայտարարութիւն ստորագրելու համար, որով դադրեցուցիք 44 օր տեւած պատերազմը՝ իր ամբողջ արհաւիրքներով:

Յարգարժան Նախագահ, ստորագրուած յայտարարութիւնը նոր իրողութիւն մը բացած է Արցախահայութեան եւ առհասարակ Հայ ժողովուրդին առջեւ: Ամենացաւալին այն է, որ Ատրպէյճանին յանձնուելիք տարածքներու մէջ պիտի մնան Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ դարաւոր վանքեր, եկեղեցիներ, մատուռներ, խաչքարեր եւ այլ սրբավայրեր, որոնց պահպանութեան հարցն այսօր իւրաքանչիւր հայի համար դարձած է էական խնդիր, քանզի անոնց դէմ արդէն վանտալիզմ սկսած են: Առ այդ կը դիմենք Ձեզ, եւ կը խնդրենք, որ յառաջիկայ բանակցութիւններու ընթացքին ջանքեր գործադրէք վերոնշեալ սրբավայրերէն որոնք հնարաւոր է, Արցախի սահմաններու մէջ ներառել, իսկ միւսներու պաշտպանութեան համար՝ ապահովել վստահելի երաշխիք: Աւելին, պատերազմի ընթացքին Արցախի պատմական շրջաններէն Հադրութը եւ հայ ժողովուրդի մշակութային կարեւոր կեդրոններէն մին հանդիսացող Շուշի քաղաքը եւս յայտնուած են Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ: Այսօր հոն բնակող տասնեակ հազարաւոր արցախցիներ անօթեւան, անտուն եւ գաղթական մնացած են: Ուստի, դարձեալ կը խնդրեմ, որ Ձեր անմիջական միջնորդութեամբ այս երկու պատմական շրջանները վերադարձուին Արցախին, որպէսզի անոնց բնակիչները վերադառնան իրենց բնակարանները եւ շարունակեն ստեղածարար եւ շինարար իրենց կեանքը:

 

Մեծարգոյ Տիար Նախագահ, Ձեր պաշտօնավարման տարիները կը փաստեն, որ Դուք միշտ արդարամիտ, խաղաղասէր եւ մարդասէր ղեկավար եղած էք: Այս իրողութիւնը մեզի յոյս եւ քաջութիւն կը ներշնչէ, որպէսզի շարադրենք այս խնդրանքը եւ աղօթքով ակնկալենք Ձեր դրական որոշումներուն: Աւելին, մեր վստահութիւնը կու գայ նաեւ այն բանէն, որ գրեթէ 15 տարի Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը Լոյսի օրը ընդունած է Ռուսիոյ պաշտօնական պատուիրակութեան եւ անոնց մասնաւոր տեղ յատկացուցած է Սուրբ Յարութեան Տաճարի հայկական բաժնի մէջ, ինչի շնորհիւ արարողութենէն յետոյ անոնք կարողացել են փութալով կենարար Լոյսը հասցնել Մոսկուայ, որը մեծ օրհնութեան աղբիւր է միլիոնաւոր հաւատացելաներու համար:

Կ՚աղօթենք Ձեր քաջառողջութեան եւ գործերու յաջողութեան համար եւ Աստուծմէ կը խնդրենք, որ Ձեզ, Ռուսիոյ եւ Ռուս ժողովուրդին պարգեւէ բարօրութիւն եւ արեւշատութիւն:

 

Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեան

Հայ Պատրիարք Երուսաղէմի