image

Շուշիի մատոյցներէն հանուած են 150 դիակներ. Հարիւրաւոր մարմիններ դեռ կան մարտադաշտին մէջ

Շուշիի մատոյցներէն հանուած են 150 դիակներ. Հարիւրաւոր մարմիններ դեռ կան մարտադաշտին մէջ

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը հերթական ծանր օրերէն մէկը ունեցած է, այս մասին ան գրած է իր դիմատետրի էջին:

«Այո՛, թէեւ կրցած ենք փրկել Հայրենիքի մէկ մասը եւ հազարաւոր կեանքեր, սակայն մարդկային ու տարածքային մեծ կորուստներ ունեցած ենք, որու մասին անգամ մը եւս վկայեցին Շուշիի մատոյցներէն այս օրերուն հանուած շուրջ 150 հայ զինծառայողներու մարմինները, ամէն մէկը՝ մէկ օճախի եւ ողջ Հայրենիքի ճրագ: Դեռ հարիւրաւոր մարմիններ կը գտնուին մարտադաշտերու մէջ՝ իրենց հարազատներն ու ամբողջ ժողովուրդը պահելով անորոշութեան ու ցաւի մէջ: Այս օրերուն ես ինքս մեծ ժամանակ կը տրամադրեն զոհերու ու անյայտ կորածներու հարազատներուն՝ իրենց ցաւը սփոփելով եւ համատեղ փնտռելով մեր նահատակ եղբայրները:

Այդ բարոյական պարտականութեան կատարման զուգահեռ մենք խնդիր ունինք արագօրէն բարձրացնելու Հայրենիքի անվտանգութեան երաշխիքները եւ երկարատեւ ու ծանր ջանքերով զբաղուիլ Արցախի ու հայ ժողովուրդի յետպատերազմեան վերականգնման կարեւորագոյն գործով: Ի հարկէ, կան նաեւ այլ արտաքին ու ներքին բարդ մարտահրաւէրներ, սակայն անոնցմէ առաւել առաջնահերթօրէն զիս կ'անհանգստացնեն Մայր Հայրենիքի ներքին կայունութիւնն ու համերաշխութիւնը խաթարող լրջագոյն վտանգները:

Հաշուի առնելով այս ծանրագոյն ժամանակաշրջանին մեր ազգային ու պետական համերաշխութեան ու միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ իմ պարտաւորութիւնը անմասն չմնալու համահայկական վճռորոշ հարցերու լուծումէն՝ իմ խիստ անհանգստութիւնը կը յայտնեմ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ դրսեւորուող անհանդուրժողական ու բռնութեան հիմք ունեցող միտումներու առթիւ:

Ուստի, խստագոյնս կը յորդորեմ Հայաստանի Հանրապետութեան ներքաղաքական գործընթացներուն մէջ ընդգրկուած բոլոր ուժերուն ու անձանց ցուցաբերել ազգային ու պետական բարձր սրտացաւութիւն ու ողջախոհութիւն եւ Հայրենիքը հեռու պահել այնպիսի ցնցումներէ, որոնք այս իրավիճակի մէջ կրնան դառնալ հայոց պետականութեան գերեզմանափորը: Ես բոլորէն կ'ակնկալեմ ու կը պահանջեմ քաղաքակիրթ երկխօսութեամբ եւ բացառապէս սահմանադրական ճանապարհով կարգաւորել ներքին տարաձայնութիւնները, որպէսզի մենք ի վիճակի ըլլանք Հայրենիքը տանելու կայուն ու երկարատեւ զարգացման ճանապարհով:

Այս պարունակէն ներս որոշում կայացուցած են Արցախի մէջ աշխոյժացնել քաղաքական խորհրդատւութիւնները բոլոր ուժերու ու գործիչներու հետ՝ քննարկելու համար ե՛ւ Արցախի յետպատերազմեան վերականգնման ու պետական կառավարման համակարգի բարեփոխման, ե՛ւ համահայկական օրակարգի կարեւորագոյն հարցերը: Կը յուսամ, որ հնարաւոր կ'ըլլայ երկխօսութեան նոյն մթնոլորտը ձեւաւորել նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ», - գրած է ան: