image

Յարձակում Լիոնի մէջ. Կրակ բացած են Ուղղափառ քահանայի մը վրայ (Տեսանիւթ)

Յարձակում Լիոնի   մէջ. Կրակ  բացած են  Ուղղափառ քահանայի մը վրայ (Տեսանիւթ)

Լիոնի մէջ ահաբեկչութիւն գրանցուած է։

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ տեղի «Բրոկրէս» թերթէն։

 Աղբիւրը նշած է, որ  զինեալ մը կրակ բացած է այդ ժամերուն եկեղեցին փակել փորձող քահանային ուղղութեամբ։

 

 Քահանան վիրաւորուած է։

 Կը նշուի նաեւ, որ եկեղեցին պատկանած է Յոյն ուղղափառ համայնքին։

 Անցնող օրերուն, սա երկրորդ դէպքն է որ կը գրանցուի Ֆրանսայի մէջ։

 Ֆրանսան յայտնուած է բաւական բարդ դրութեան մը մէջ, տրուած ըլլալով, որ երկրի իսլամ բնակչութիւնը ինքզինք վիրաւորուած կը զգայ նախագահ Մաքրոնի իսլամներու դէմ ուղղուած քննադատութիւններէն ու մեղադրանքներէն ետք։