Արցախի մէջ ոչնչացուած են փրոթրքական խմբաւորման հրամանատարները: Այդ մասին կը հաղորդեն Դամասկոսի մէջ Wargonzo-ի աղբիւրները: Սուրիական յատուկ ծառայութիւններուն յայտնի դարձած է ահաբեկիչներու առնուազն երեք դաշտային հրամանատարի անուն՝ Հուսէյն Ալ Թաուի, Ֆիրաս Ուաէտ, Ապտուլ Լաթիֆ Հասան: Անոնք ոչնչացուած են բեռնատարի ուղղութեամբ հակաթանկային կառավարուող հրթիռի հարուածի միջոցով: Բոլոր երեք դաշտային հրամանատարները եղած են «Սուլթան Մուրատ» փրոթրքական ահաբեկչական խմբաւորման կազմին մէջ, որ կը գործէ Սուրիոյ տարածքին: