image
Հրատապ լուրեր:

Զիս կենդանիի տեղ դրած էին. Ատրպէյճանի լուծէն ազատած հայուհի

Զիս կենդանիի տեղ դրած էին. Ատրպէյճանի լուծէն ազատած հայուհի

Հատրութ քաղաքի բնակիչ, գերի ինկած 85-ամեայ Եւգենիա Պապայեանը պատմած է Պաքուի մէջ անցուցած օրերու ընթացքին իր նկատմամբ վերաբերմունքի մասին:

ՀՀ Քննչական կոմիտէն տեսանիւթ հրապարակած է, որուն մէջ հայ կինը կը պատմէ Պաքուի ոստիկանական բաժանմունքներուն մէջ անցուցած օրերու մասին:

«Հոկտեմբեր 15-ի, լոյս 16-ի գիշերը ռմբակոծութեան պատճառով գիշերած եմ իմ տան նկուղին մէջ, որ կը ծառայէ որպէս ապաստարան` պատերը հաստ են: Առաւօտեան դուրս եկած եմ ապաստարանէն, որպէսզի հաւերս կերակրեմ: Այդ պահուն նկատեցի, որ տղամարդոց ձայներ կը մօտենան տանս: Մտածեցի որդիս` Սուրէնը եկեր է տուն: Այդ պահուն տան դուռը բացուեցաւ ու ատրպէյճաներէն լեզուով խօսող շուրջ 10 զինուորականներ ներխուժեցին մեր տուն: Տեսնելով անոնց, վախցայ ու վար ինկայ: Այդ պահուն ատրպէյճաներէն խօսող զինուորականները մօտեցան ինծի, ձեռքէս քաշեցին, բարձրացուցին եւ ըսին, որ ինծի Պաքու պիտի տանին: Ես ընդդիմացայ, ըսի, որ մեծ տարիքով կին եմ, սա իմ տունն է, կ'ուզեմ այստեղ մնալ, սակայն նշուած զինուորականները ըսին, որ պէտք է տանին, որմէ ետք ձեռքերէս քարշ տուին, տարին եւ նստեցուցին իրենց մեքենան: Անկէ ետք զիս տարին Ատրպէյճանի Պաքու քաղաք, ուր երեք ոստիկանական կէտերու հետ շփուած եմ: Ինծի շատ վատ վերաբերուած են, կարծես կենդանիի, շան տեղ դրած ըլլային»,- պատմած է կինը:

Պապայեանն ըսած է, որ յետոյ իրեն տեղափոխած են երկրորդ ոստիկանական կէտ. «Աշխատակիցները կը ստիպէին, որ ես ըսեմ` Փաշինեանը լաւ չէ, ինքը սարքած է այս կռիւը: Կ'ըսէին, որ ինքն է մեղաւոր, ես ալ կ'ըսէի, որ Հատրութը իրենցը չէ, այլ մերն է: Իրենք ինծի տեսախցիկներով կը նկարէին, հարցեր կու տային, ես իրենց ըսածով կը պատասխանէի: Անկէ ետք ինծի տարին երրորդ ոստիկանական կէտը, ուր երկու հայ կային` մէկը երիտասարդ տղայ էր` քաղաքացիական հագուստով, միւսը` տարիքով մեծ էր: Երիտասարդին կապկպած էին` ձեռքերը, ոտքերը, փակած էին աչքերը, նետած էին անկիւն մը եւ հերթով ոտքով կը հարուածէին: Տարիքով մեծ հայուն ձեռքերը կոտրտուած էին եւ ան ուղղակի նստած էր»։

Ան նշած է, որ այդ երեք բաժանմունքներէն իւրաքանչիւրին մէջ մէկական օր մնացած է. «Երիտասարդ հայը, որուն մասին նշեցի, հագուած էր կապոյտ գոյնի քաղաքացիական վերնաշապիկ, բոպիկ էր: Երրորդ օրը, երբ ինծի հանեցին բաժնէն, հայ երիտասարդը նետած էին պարկի մէջ եւ քարշ տալով տարին ու նետեցին մեքենան, իսկ միւս տղամարդուն եւ ինծի նստեցուցին մեքենան, որմէ ետք զիս տարին Պաքուի հիւանդանոց, իսկ նշուած երկու հայերը տարին անյայտ ուղղութեամբ: Յետոյ ինծի ըսին, որ այդ երկու հայերը իրենք մորթած են, վիզերը կտրած ու սպաննած են»։

85-ամեայ Եւգենիա Պապայեանը Պաքուի հիւանդանոցը մնացած է 10 օր, ուր իրեն այցելած են Կարմիր խաչի աշխատակիցները, հագուստ տուած են եւ այլ իրեր: Կարմիր խաչի օգնութեամբ 28 հոկտեմբերին իրեն Պաքուէն տարած են Վրաստան, ուրկէ ալ շտապօգնութեան մեքենայով բերած են Հայաստան: