image

Քոչարեան ներկայիս չի կրնար Մոսկուա մեկնիլ. Պատճառը յայտնի է

Քոչարեան ներկայիս չի կրնար Մոսկուա մեկնիլ. Պատճառը յայտնի է

ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը առայժմ չի կրնար մեկնիլ Մոսկուա, քանի որ «Քորոնա» ժահրով վարակուած է։ Տեղեկութիւնը կը յայտնեն ՀՀ երկրորդ նախագահի գրասենեակէն։

«Մոսկուա մեկնելու առաջարկը Ռոպերթ Քոչարեանին եղած է ԼՂՀ 2-րդ եւ 3-րդ նախագահներու կողմէ։ Նախագահը ընդունած է այդ առաջարկի նպատակայարմարութիւնը, սակայն երկրէն ելքը յայտնի պատճառով փակ էր անոր համար։  Վարչապետի հետ Արկադի Ղուկասեանի եւ Բակօ Սահակեանի խոսակցութենէն ետք դատարանը թոյլատրեց Քոչարեանին մեկնիլ երկրէն (մինչեւ 7 նոյեմբերը ելքի ժամկէտի սահմանափակմամբ), եւ անոր վերադարձուեցաւ անձնագիրը»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Ռուսաստանի Դաշնութիւն մուտք գործելու համար պարտադիր է «Քորոնա» ժահրի ախտորոշման քննութիւն յանձնել, ուստի Քոչարեանը նմուշ յանձնած է՝ մտադրուած ըլլալով առաջիկայ օրերուն մեկնիլ։

«Քննութեան պատասխանը դրական էր, որ լրիւ անսպասելի էր, քանի որ ան չունէր եւ մինչ այժմ ալ չունի հիւանդութեան որեւէ ախտանիշ։ Ցաւօք, ստեղծուած իրավիճակի մէջ մեկնումը Մոսկուա եւ տարբեր հանդիպումներու կազմակերպումը ժամանակաւորապէս անհնար դարձած է»,- կը տեղեկացնեն գրասենեակէն։

Այժմ ՀՀ երկրորդ նախագահն ինքնամեկուսացման մէջ է, բայց կ'ընէ իրմէ կախուած ամէն ինչ Արցախի մէջ պատերազմի դադարեցման նպաստելու համար։

 

 



Read more: https://armeniasputnik.am/armenia/20201030/25127480/robert-qocharyann-arayjm-chi-karox-meknel-moskva.html