image

Առաւօտեան հրթիռակոծուած է Ստեփանակերտը. թիրախը դարձեալ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներն են

Առաւօտեան հրթիռակոծուած է Ստեփանակերտը. թիրախը դարձեալ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներն են

Առաւօտեան հրթիռակոծուած է Ստեփանակերտը. թիրախը դարձեալ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներն են.
 

Երէկ, 30 հոկտեմբերին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն եւ կրակի դադարեցման շուրջ ձեռքբերուած համաձայնութիւններու անվերապահ կատարման պայմանաւորուածութենէն շատ չանցած, Արցախի մայրաքաղաքը կրկին արթնցաւ թշնամիի արձակած հրթիռներու ձայներէն: Այս մասին կը յայտնէ ԱՀ ԱԻՊԾ-ն։

Առաւօտեան ժամը 7:08-ին քաղաքին մէջ լսուած են պայթիւնի ձայներ: Նոյն վայրկեանին միացած է օդային տագնապի ազդանշանը:
Այս անգամ Ստեփանակերտի կեդրոնական շուկան եղած է ատրպէյճանական ուժերու թիրախը: Աւերուած է հանրային նշանակութեան ենթակառուցուածքի մէկ մասը, նիւթական մեծ վնաս պատճառած խաղաղ բնակչութեան:

Յաջորդ պայթումէն աւերուած է բնակելի տուն՝ ամբողջ գոյքով: Մասնակի վնասուած են նաեւ հարեւանութեամբ գտնուող բնակարանները:
Նախնական տուեալներով տուժածներ չկան:

Նշենք, որ 30 հոկտեմբերի լոյս 31-ի գիշերն, ընդհանուր առմամբ մայրաքաղաքին եւ շրջաններուն մէջ պահպանուած էր յարաբերական հանգիստ իրավիճակը: