image
Հրատապ լուրեր:

Գիշերուայ ընթացքին ոչնչացուած է մեծ քանակութեամբ թշնամական զինամթերք եւ մարդկային ուժ. ՊԲ

Գիշերուայ ընթացքին ոչնչացուած է մեծ քանակութեամբ թշնամական զինամթերք եւ մարդկային ուժ. ՊԲ

Ամբողջ գիշերուայ ընթացքին ՊԲ ստորաբաժանումներու կողմէ շարունակուած են հակառակորդի խմբաւորումներու տեղաբաշխման շրջաններուն մէջ լրահետախուզման եւ կրակային խոցման գործողութիւնները, որոնց շնորհիւ ոչնչացուած է մեծ քանակութեամբ թշնամական զինամթերք եւ մարդկային ուժ:

Կէսգիշերէն ետք հակառակորդի ուժերը փորձած են նոր յարձակում ձեռնարկել հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ, որ կասեցուած է բանակային ստորաբաժանումներու կողմէ: Թշնամական ուժերը յաջողութեան հասնելու փորձեր ձեռնարկած են նաեւ ճակատային գիծի հիւսիսային հատուածին մէջ, որ նոյնպէս կասեցուած է: Այստեղ եւս թշնամական ուժերը կրած են լուրջ կորուստներ:

Հակառակորդը շարունակած է թիրախաւորել նաեւ խաղաղ բնակավայրերը:

Ներկայ դրութեամբ թշնամական խմբաւորումներու յայտնաբերման ու ոչնչացման գործողութիւնները կը շարունակուին: