image

Ալիեւը պատրաստ է առանց նախապայմաններու երթալ Մոսկուի Փաշինենաին հետ բանակցելու

Ալիեւը պատրաստ է առանց նախապայմաններու երթալ Մոսկուի Փաշինենաին հետ բանակցելու

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը յայտարարած է, որ պատրաստ է Մոսկուայի մէջ բանակցելու Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ առանց որեւէ նախապայմանի: Այս մասին յայտնած է «Ինտերֆաքս»-ը:

Ատրպէյճանի նախագահը ընդգծած է, որ Մոսկուայի մէջ բանակցութիւններ իրականացնելու հրաւէր չէ ստացած, սակայն ստանալու պարագային դրական պիտի արձագանգէ: Ան նշած է, որ պատրաստ է Մոսկուա մեկնելու եւ բանակցելու Հայաստանի վարչապետի հետ՝ առանց որեւէ նախապայմանի: