image

Ըստ Էրտողանի «Եւրոպայի վերջը եկած է...»

Ըստ Էրտողանի «Եւրոպայի վերջը եկած է...»

Թուրքիոյ նախագահ՝ Թայէպ Էրտողան յայտարարած է, որ Եւրոպան «կը պատրաստէ իր վերջը»՝ «իսլամներուն դէմ ճակատ բանալով», կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթին»:

Թուրքիոյ առաջնորդը այդ յայտարարութիւնը ըրած է չորեքշաբթի օրուայ Պերլինի Մեւլեանա մզկիթին մէջ իսլամական աղօթքի ժամանակ գերմանական ոստիկանութեան կատարած գործողութիւնը մեկնաբանելով: Ըստ Sabah թերթին, ատոր մասնակցած են շուրջ 150 ոստիկաններ, որոնք կօշիկներով քալած են աղօթքներու գորգերուն վրայ:

«Եւրոպական ֆաշիզմը նման յարձակումներ իրականացնելով քաղաքացիներ (եւրոպական երկիրներու) համարուող իսլամներու իրաւունքներուն վրայ, մտած է նոր փուլ: Եւրոպան կը պատրաստէ իր վերջը այն ճակատով, որ բացած է իսլամներուն դէմ: Եթէ անոնք հնարաւորինս արագ չազատին անկէ, ապա այդպիսի հիւանդութիւնը կ'աւերէ Եւրոպան ներսէն»,- ըսած է Էրտողան Կայսերի (Կեսարիա) քաղաքին մէջ ելոյթի ժամանակ, որու հեռարձակումը կատարուած է նախագահի Twitter-ով: