image

«Հարսանիք լեռներում». «Այս ալ մեր պատասխանն է» գրառած է Վահրամ Պօղոսեանը Շուշիի մէջ տեղի ունեցած պսակադրութեան մասին

«Հարսանիք լեռներում». «Այս ալ մեր պատասխանն է» գրառած է Վահրամ Պօղոսեանը Շուշիի մէջ տեղի ունեցած պսակադրութեան մասին

 

Աս ալ մեր պատասխանն է։ Այս մասին ֆեյսպուքեան իր էջին գրած է Արցախի նախագահի մամուլի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեանը եւ տեղադրած այսօր Շուշիի Սուրբ Ղազանչեցոց Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած պսակադրութենէն լուսանկար։

Արցախի ազգային ժողովի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու եւ հաղորդակցութեան վարչութիւն լրատւութեան արտադրութեան բաժին պետ Էտկար Բարսեղեանն ալ նոյն հարսանիքի լուսանկարները տեղադրած է դիմատետրի  իր էջին ու գրած․ «Ասք այն մասին, թէ ինչպէս Յովհաննէսն ու Մարիամը իրականացրուցին բառիս բուն իմաստով «Հարսանիք լեռներում» գործողութիւնը։ Բարով երթաս, Յովիկ ջան, յաղթանակած վերադառնաս։ Մարիամ ջան, քեզի ալ համբերութիւն։ Նոր հերոսներ կը սպասենք ձեր, մեր բոլորիս նոր ընտանիքէն»։