image

ԱՄՆ «Քոնկրէս»ի գրադարանը այսուհետեւ պիտի օգտագործէ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» խորագիրը

ԱՄՆ «Քոնկրէս»ի  գրադարանը  այսուհետեւ պիտի օգտագործէ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» խորագիրը

ԱՄՆ Քոնկրէսի գրադարանի որոշմամբ «Հայկական ջարդեր» խորագրի տակ գտնուող գիրքերը եւ այլ նիւթերը այսուհետ պիտի դասակարգուին «Հայոց ցեղասպանութիւն» խորագրի տակ։ Armenian Weekly պարբերականի փոխանցմամբ՝ Քոնկրէսի գրադարանը նման որոշում ընդունած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի եւ մի քանի քոնկրէսականներու կողմէ մեկնարկած արշաւի շնորհիւ։

«Քոնկրէսի գրադարանի կողմէ այս վաղուց սպասուած շտկումը տեղի կ'ունենայ ամերիկահայերու համար շատ կարեւոր պահի։ Մենք այսօր կը տեսնենք ցաւալի, իրական հետեւանքներն այն բանի, որ ԱՄՆ ղեկավարները Թուրքիոյ թոյլ տուած են ճնշել մեր երկիրը Հայոց ցեղասպանութեան հարցով մէկ դար լռութեամբ։ Անգամ այսօր, երբ Անգարան եւ Պաքուն բացայայտօրէն կը ձգտին աւարտին հասցնել հայերու հայրենիքի կործանումը, մեր կառավարութիւնը չափէն շատ կը վախնայ Էրտողանին եւ Ալիեւին ճշմարտութիւնն ըսելէ: Սա պէտք է աւարտի», – ըսած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանը։

Յօդուածին մէջ նշուած է նաեւ, որ Քոնկրէսի գրադարանին նման փոփոխութիւն կատարելու կոչով նամակներ ուղղած են ԱՄՆ քոնկրէսականներ Ատամ Շիֆը, Կաս Պիլիրաքիսը, Տինա Թիթուսը, Ֆրենք Փալոնը, Ճեքի Սփէյրը եւ ծերակուտական Պոպ Մենենտեսը։

Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիոյ համալսարանը նոյնպէս մեծ դերակատարում ունեցած է այս փոփոխութեան մէջ՝ պաշտօնական դիմում ուղարկելով Քոնկրէսի գրադարանին անցեալ ամիս։

Քոնկրէսականները ողջունած են Քոնկրէսի գրադարանի ընդունած որոշումը՝ նշելով, որ «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրոյթի օգտագործումը ցոյց կու տայ պատմութեան իրական պատկերը։