image

Ֆրանսական «Observateurs de France 24»ը նոր տուեալներ հաղորդած է սուրիացի վարձակններուն մասին

Ֆրանսական «Observateurs de France 24»ը նոր տուեալներ հաղորդած է սուրիացի վարձակններուն մասին

«ՇԱՆԹՆԻՒԶ» Կայքէն  կը կարդանք՝

«Observateurs de France 24»-ը քատրեր հրապարակած է, որոնք կ'ապացուցեն Լեռնային Ղարաբաղի դէմ կռուող սուրիացի վարձկաններու ներկայութիւնը: Կը նշուի, որ հակառակ որ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան կը հերքեն վարձկան ահաբեկիչները պատերազմին մէջ ներգրաւելու հանգամանքը, բայց միջազգային լրատուամիջոոցներու վկայութիւնները այլ բան կը փաստեն:

Յօդուածին մէջ ներկայացուած է չորս տեսանիւթ: Առաջին տեսանիւթին մէջ վարձկանները յատուկ ճամբարի մէջ են, ուր վարժանքներ կ'իրականացուին: Անոնք արաբերէնով քննարկումներ կ'ընեն:


Երկրորդ տեսանիւթին մէջ որոշ մարդիկ վարձկաններուն թրքերէնով կը քաջալերեն:

 

Երրորդ տեսանիւթին մէջ սուրիացի վարձկանները իրենց ընկերներուն կոչ կ'ընեն գալու Ատրպէյճան ու միանալու իրենց պայքարին:

Չորրորդ տեսանիւթին մէջ վարձկան ահաբեկիչները դիեր ցոյց կու տան՝ ըսելով, որ հայեր են: Սուրիացի վարձկանները կը նշեն, որ պէտք է «անհաւատները» ոչնչացնել:

Յօդուածին մէջ նշուած է, որ բոլոր տուեալներն ուսումնասիրած են մասնագէտները: Անոնք յստակ կ'ապացուցեն, որ տեսանիւթերէն մէկը նկարուած է Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ սահմանին շատ մօտ, միւսը՝ Ատրպէյճանի մէջ: