image

Երէկ հնչած «օդային տագնապ»ի վերաբերեալ ՀՀ ԱԻՆ-էն կարեւոր պարզաբանում

Երէկ հնչած «օդային տագնապ»ի վերաբերեալ ՀՀ ԱԻՆ-էն կարեւոր պարզաբանում

Ինչպէս աւելի վաղ ԱԻՆ-էն յայտնած էին, 16 հոկտեմբերին՝ ժամը 22։35-ին, Սիւնիքի մարզի ՀՕՊ-ի (Հակօդային Պաշտպանութեան) կողմէն Կապան քաղաքի մէջ յայտարարուած է «օդային տագնապ»։

ԱԻՆ Փրկարարական ծառայութիւնը Սիւնիքի մարզային փրկարարական վարչութեան ճգնաժամային կառավարման կեդրոնի կողմէ գործողութեան մէջ դրուած է Կապան քաղաքի ազդարարման համակարգը։ Կապան քաղաքին մէջ իրականացուած է բնակչութեան պատսպարում։

Ժամը 23։25-ին ՀՕՊ-ի (Հակօդային Պաշտպանութեան) կողմէ յայտարարուած է «օդային տագնապի աւարտ»։

«Յարգելի՛ քաղաքացիներ,

հեռահաղորդակցութեան աշխատակիցներէն մէկուն կողմէն տեղեկատւութեան ոչ յստակ փոխանցման պատճառով հաղորդագրութիւն ստացած են նաեւ այլ բնակավայրերու առանձին բաժանորդները, որուն համար կե հայցենք Ձեր ներողամտութիւնը»,- ըսուած է ԱԻՆ պարզաբանման մէջ։