image
Հրատապ լուրեր:

Մոհամմատ գահաժառանգի կոչը «Վաճառեցէք Թուրքիոյ մէջ ձեր գնած բնակարանները»

Մոհամմատ գահաժառանգի  կոչը «Վաճառեցէք Թուրքիոյ մէջ ձեր գնած բնակարանները»

 

Սէուտական Արաբիոյ ու Թուրքիոյ միջեւ առկայ լարուածութիւնը կը շարունակէ տնտեսական նոր դրսեւորումներ ստանալ, գրած է ermenihaber.am-ը:

Թրքական ապրանքները պոյքոթելէ ետք այժմ ալ արաբական ամենամեծ միապետութեան գահաժառանգ Մոհամմատ պըն Սըլմանը կոչ ըրած է Թուրքիոյ մէջ բնակարան գնած իր քաղաքացիներուն վաճառելու այդ գոյքերը:

Ըստ թրքական աղբիւրին՝ արաբական երկրի ղեկավարութիւնը անձամբ կը զանգէ Թուրքիոյ մէջ տուներ գնած իր քաղաքացիներուն ու կը յորդորէ վաճառել անոնք: Ըստ թրքական վիճակագրական ծառայութեան տուեալներուն՝ Իրաքի քաղաքացիներէն ետք Թուրքիոյ մէջ ամենաշատը բնակարան գնող օտարերկրացիները Սէուտական Արաբիոյ քաղաքացիներն են: Վերջին 5 տարուան ընթացքին Թուրքիոյ մէջ օտարերկրացիներուն վաճառուած է 122 000 տուն։ Գնորդներուն 10,3 %-ը (10 653) կը կազմեն սէուտցիները:

Նշուած է, որ Սէուտական Արաբիոյ ներքին հետախուզութեան ծառայութիւնը սկսած է վերահսկել դէպի արտասահման դրամական փոխանցումները եւ տուգանքներ նշանակած է դէպի Թուրքիա 100 հազար տոլարէն աւելի փոխանցումներ ընողներու նկատմամբ: Թրքական կողմի պնդմամբ՝ սէուտական գլխաւոր հետախուզութեան վարչութիւնը ճնշումներ կը գործադրէ Թուրքիոյ հետ առեւտրական յարաբերութիւններ ունեցող իր գործարարներուն վրայ՝ ստիպելով հրաժարիլ անկէ: 

Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ ալ Սէուտական Արաբիոյ արքայազն Ապտուլրահման պըն Մուսաատ պըն Ապտուլազիզ ալ-Սէուտ յորդորած էր պոյքոթել թրքական ապրանքները: