image

Սուրիահայ ընտանիքը հաց կը թխէ ռազմաճակատի համար.Տեսանիւթ

Սուրիահայ ընտանիքը հաց կը թխէ ռազմաճակատի համար.Տեսանիւթ

Սուրիահայ Ասմարեան ընտանիքը Արցախ գացած է 2012-ին եւ անմիջապէս դարձած արցախցի: Անոնք կը զբաղին ձեռնարկատիրութեամբ, իւրացուցած են արցախեան սովորոյթները, ներդնելով նաեւ իրենցը:

Ասմարեան ընտանիքը Արցախի մէջ երկրորդ պատերազմն է որ կը տեսնէ, բայց  ընկճուելու փոխարէն, ամէն ինչ կ'ընէ, յաղթանակին նպաստելու համար: Այսօր ընտանիքը հաց կը թխէ եւ կը բաժնէ զայն ռազմաճակատ կռուողներուն: Տան հայրը՝ Յովիկ Ասմարեան կամաւոր գրուած է  եւ կը սպասէ, որ զինք ալ կանչեն պատերազմի:

Արցախի հանրային հեռուստատեսութեան անդրադարձը.