image

Արցախի մէջ պահպանուած է յարաբերական կայուն լարուածութիւն. մանրամասներ սահմանէն

Արցախի մէջ պահպանուած է յարաբերական կայուն լարուածութիւն. մանրամասներ սահմանէն

30 Սեպտեմբերի լոյս 1 Հոկտեմբերի գիշերուան ընթացքին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտութեան գօտին մէջ պահպանուած է յարաբերական կայուն լարուածութիւն: Առանձին ուղղութիւններով շարունակուած են փոխհրաձգութիւնները հրետանային ու հրաձգային զինատեսակներէ: 

Ինչպէս կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն, Մարտակարգերը բարելաւելու նպատակով հակառակորդը փորձած է իրականացնել որոշակի վերախմբաւորումներ ու զօրաշարժեր, որոնք ժամանակին հաւաստանշուած ու կանխուած են ՊԲ ստորաբաժանումներուն կողմէ: 

«Դաշտային-մարտավարական իրադրութիւնը փոփոխութեան չէ ենթարկուած: Այս պահուն կայուն լարուածութիւնը ճակատային գիծի բոլոր ուղղութիւններով կը պահպանուի: ՊԲ ստորաբաժանումներն ու մարտական խնդիրներ կատարող ազատամարտիկները պատրաստ են հետագայ մարտական գործողութիւններուն»,- կը նշեն Պաշտպանութեան բանակէն: